2014-08-29 09:41:00

Կարտինալ Վելիօ` միջզգային հասարակութիւնը քիչ բան կը կատարէ ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։


Հինգշաբթի, 28 Օգոստոս 2014-ին, Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն հանդիպում ունեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Խօսակցութեան առանցքը եղաւ Իրաքի ժողովուրդի ողբերգութիւնը եւ ծայրայեղ մահմետականներու ոճրագործութիւնները։
Կարտինալ Վելիօ խօսելով Սրբազան Պապին հետ ունեցած հանդիպումին մասին յայտնեց թէ. ''Սրբազան Քահանայապետին համար Եկեղեցին պէտք է առաջին շարքի վրայ գտնուի` պաշտպանելու տկարները եւ անզօրերը։ Եկեղեցւոյ առաջին պարտականութիւնն է պաշտպանել եւ օգնութեան հասնիլ կարօտեալներուն, որովհետեւ անոնց իրաւունքը ոտնակոխ եղած է։ Եկեղեցւոյ կոչումն է ըլլալ բանբերը ձայն չունեցողներուն, հարստահարեալներուն։ Խօսելով ապա քրիստոնեաներու ու փոքրամասնութիւններու տեղահանումի մասին, Կարտինալ Վելիօ յայտնեց թէ անոնք պարտադրաբար զրկուեցան իրենց օճախներէն, Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է օգնութեան հասնիլ անոնց, աղօթքով եւ նուիրատուութիւններով։ Եկեղեցին իրաւունք չունի իր աչքերը խփել եւ ըսել մենք ի վիճակի չենք բան մը ընելու։ Դժբախտաբար, դիտել տուաւ ծիրանաւորը, այդ ուղղութեամբ միջազգային հասարակութիւնը շատ քիչ բան կը կատարէ, սկսեալ ՄԱԿէն ու Եւրոպական հասարակութենէն։ Մենք ամէնքս կանչուած են մեր սատարը բերելու, իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան համաձայն։







All the contents on this site are copyrighted ©.